2012-11-06 11:42:30

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի <<Օգթավա Տիէս>> Շաբաթական Խմբագրականը


Յաւիտենական Կեանքը
Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, յիսուսեան միաբան, հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը յատկացուց <<յաւիտենական կեանքի>> նիւթին վերյիշելով Լատին եկեղեցւոյ նոյեմբերի սկիզբը յիշատակաց օր մեռելոցը եւ Ամենայն Սրբոց տօնը։
Նոյեմբերի սկիզբը եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի վեր ու նայելու երկինքէն անդին։ Նայելու փրկուած հասարակութեան` սուրբերուն, որ Տիրոջ հետ միասին կ՛ապրին ու զգալու անոնց հոգեւոր միութիւնը մեր հետ։
Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատգամը ուղղուած Աստուծոյ ժողովուրդին կը մատնանշէ թէ Յիսուս սամարացի կնոջ չի ներկայանար որպէս Ան որ կեանք կու տայ այլ որպէս Ան որ <<յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ>>։
Աստուծոյ պարգեւը պարզապէս այս աշխարհի մէջ աւելի լաւ պայմաններ շնորհելու խոստումը չէ այլ աւետումը թէ մեր կեանքի իմաստը այս երկրային կեանքէն անդին կը գտնուի, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան լիութեան մէջ որ ժամանակներու աւարտին պիտի կատարուի>>։
Պատգամը ապա կը շարունկաէ յիշեցնելով որ եկեղեցւոյ մէջ աղքատութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ հնազանդութեամբ Աստուծոյ ամբողջովին նուիրուած այն անձերը, պարտաւոր են ըլլալ մարդկային էութեան այս հորիզոնի վկաները, որ կ՛երթայ մահուընէ անդին. Սպասումի վկաներ` այն իրողութեան որ երկրային փորձառութենէն անդին կը գտնուի։ Սքանչելի կոչում մը բայց միեւնոյն ատեն խստապահանջ։
Կարեւոր ու պարտուպատշաճ յանձնառում մը որ պէտք է սնուցուի յոյսով։ Յոյսը որ կը հարթէ ճանապարհը ու զայն կ՛ուղղէ դէպի նոր երկինքներ ու նոր երկիրներ։
Առանց այս յոյսին աւետարանումը կարելի պիտի չ՛ըլլար, եւ ոչ ալ վերաւետարանումը։
Աչքերնիս բարձրացնենք ուրեմն նայելու Տիրոջ որ կու գայ իր սուրբերուն հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.